2016-09-26 13:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 25-26 սեպտեմբերի թուիթները` ''Կարիքաւոր եղբօր մէջ տեսնենք զԱստուած ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 26 սեպտեմբեր 2016-ին հրապարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց Աստուծոյ դիմագիծը տեսնել կարիքաւոր եղբօր մէջ, մինչ 25 սեպտեմբերին հրապարակած թութին մէջ. Նորին Սրբութիւնը ընդգծած էր թէ ''աշխարհը կարիքը ունի զօրակցութեան շօշափելու նշաններու''։

''Աստուծոյ դիմագիծը` զոր ոչ մէկը կարող է տեսնել, ճանչնանք եղբօր մէջ որուն օգնութեան կը հասնինք'' գրեց Նորին Սրբութիւնը 26 սեպտեմբերին հրատարակած  թուիթին մէջ իսկ 25 սեպտեմբերի Սրբազան Քահանայապետը գրեց ''Աշխարհը պէտք ունի զօրակցութեան շօշափելի նշաններու, յատկապէս անտարբերութեան փորձութեան դիմաց'։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.